ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2019-ի առաւօտեան,  Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեանի եւ ուսուցչուհի Շողիկ Փելթեքեանի։

Մուտքին, Կեդրոնի տնօրէն Վարդի Գէորգեան բացատրութիւններ տուաւ Զուարթնոցի մասին եւ շեշտեց, որ հոն յաճախողները տարբեր կարողութիւններ ունեցող աշակերտներ են եւ ո՛չ՝ մտքով թերաճներ: Անոնք փոքր տարիքէն մինչեւ 45 տարեկան կը յաճախեն Կեդրոն, ուր կայ մասնագիտացած անձնակազմ, ինչպէս՝ հոգեբան, ուղղավարժ, ուղղախօս, եւայլն: Զուարթնոցի աշակերտները կը հետեւին յատուկ ծրագիրի, կը ստանան մանաւանդ սէր ու գուրգուրանք, որ անհրաժեշտ է իրենց կեանքին մէջ: Ապա Ճեմարանի աշակերտները ուղղուեցան սրահ, ուր  տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը Զուարթնոցի աշակերտներուն հետ: Այնուհետեւ տիրեց խնճոյքի մթնոլորտ, բոլորը պարեցին եւ ուրախացան: Անոնք ձեռք-ձեռքի ամուր բռնած փաստեցին, թէ որքան ալ տարբեր ըլլան իրարմէ, սէրը կը շաղկապէ զիրենք: Յետոյ Ճեմարանի աշակերտները հրամցուցին իրենց բերած կարկանդակներն ու պտղահիւթերը եւ կեդրոնին նուիրեցին երեք հեծանիւ:

Ցտեսութեան ողջագուրումներէ ետք, հանրաշարժին մէջ, բոլորին միտքերուն մէջ էր տակաւին Զուարթնոցի աշակերտներուն երախտապարտ, յուզումնախառն, ուրախ աչքերով պատկերը: Մեծ էր գոհունակութիւնը Ճեմարանի աշակերտներուն: