Ուրբաթ, 20 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։
Աշակերտները Կեդրոնի տնօրէն Վարդի Գէորգեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին տարբեր դասարանները, որոնք բաժնուած էին ըստ աշակերտներուն կարողութիւններուն: Վարդի Գէորգեան բացատրութիւններ տուաւ Զուարթնոցի մասին եւ ըսաւ, որ Կեդրոնին նպատակն է դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն կարողութիւնները զարգացնել եւ զանոնք ինքնաբաւ դարձնել՝ ընկերութեան մէջ հանգիստ կեանք ապրելու համար: Ապա բոլորը ուղղուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Այնուհետեւ տիրեց խնճոյքի մթնոլորտ, բոլորը պարեցին եւ ուրախացան:
Ճեմարանի աշակերտները Զուարթնոց կեդրոնին նուիրեցին բժշկական գործիք մը եւ դաստիարակչական այլ խաղեր: Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի «Haward Karagueusian Center For Special Education», որուն տնօրէնը՝ Յասմիկ Նալպանտեան, բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնի գործունէութեան մասին:
Այս այցելութեան աւարտին աշակերտները զգաստացած էին, որ պէտք է երբեմն իրենց ժամանակը բաժնեն իրենցմէ նուազ կարողութիւններ ունեցող մարդոց հետ, որոնց համար անհրաժեշտութիւն է այս փոխյարաբերութիւնը: