ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան  Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։

Աշակերտները անհամբեր կը սպասէին այս օրուան, երբ անոնք քանի մը ժամ պիտի անցընէին իրենցմէ տարբեր աշակերտներու հետ, պիտի փորձէին զգալ անոնց հետ եւ յարգանք, սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերէին անոնց հանդէպ: Անոնք իրենց հետ տարին կարկանդակ եւ պտուղի հիւթ, որպէսզի միասնաբար նախաճաշեն:

Նախաճաշէն ետք, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ապա բոլորը միասին բակ իջան ու խաղացին: Անոնք միասին մտերմիկ պահեր ապրելէ ետք, դժուար բաժնուեցան իրարմէ… շատեր դարձեալ հանդիպելու յոյսով, ուրիշներ որոշեցին ուսանիլ հոգեբան կամ «special educator», որպէսզի իբրեւ մասնագէտ մուտք գործեն Զուարթնոց:

Վերադարձին, իւրաքանչիւրը խորասուզուած էր մտածումներու մէջ…: