ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. Դասարանի 33 աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։ Աշակերտները մեծ անձկութեամբ կը սպասէին այս օրուան, երբ անոնք քանի մը ժամ պիտի անցընէին իրենցմէ տարբեր աշակերտներու հետ, պիտի փորձէին զգալ անոնց հետ եւ յարգանք ու սէր ցուցաբերէին անոնց հանդէպ: Ատկէ աւելի էր… Իսկոյն երկու խումբերուն միջեւ հաստատուեցաւ մտերմութիւն մը, որ շատ անկեղծ, անմիջական ու հարազատ էր՝ միասնաբար պարեցին, երգեցին եւ ուրախացան։ Ճեմարանի աշակերտները Զուարթնոց կեդրոնին նուիրեցին «C.D. player» եւ «wireless microphone», ինչպէս նաեւ՝ 500 000 Լ.Ո.՝ բարեսիրական միութիւններու դրամահաւաքի գումարէն: Դժուար էր բաժնուիլ այս մտերմիկ մթնոլորտէն: Վերադարձին, հանրաշարժին մէջ, բոլորը լուռ էին ու մտածումներու մէջ մխրճուած: Ոմանք արտայայտուեցան, թէ ինչքա՛ն դժուար պայմաններով ապրողներ կան, որոնք սահմանափակ կարողութիւններ ունին, սակայն գոհ են, հաշտ են ու սէր ունին իրենց սրտերուն մէջ: Աշակերտները զգաստացած էին, թէ իրենք իրենց մէջ ունին ինչքա՛ն սէր, զոր պէտք է երբեմն բաժնեն իրենցմէ նուազ կարողութիւններով մարդոց հետ, որոնց համար անհրաժեշտութիւն է այս փոխ յարաբերութիւնը: