Հինգշաբթի, 6 Մարտ 2025-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն:
Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան խօսեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի առաքելութեան մասին, եւ թէ ինչպիսի աշակերտներ կը յաճախեն հոն: Ան ըսաւ, որ անոնք տարբեր կարողութիւններով օժտուած աշակերտներ են եւ սովորական դպրոց յաճախող աշակերտներուն նման ունին համահաւասար իրաւունքներ կրթութիւն եւ հոգատարութիւն ստանալու, ապա նաեւ ընտելանալու ընկերութեան մէջ եւ ստանձնելու զանազան գործեր, ինչպէս՝ արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ, ուր պիտի կարենան իրենց կարողութիւններէն մաս մը տալ շրջապատին եւ հաւասար իրաւունքներով ապրիլ:
Ան աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներուն մասին, ապա աշակերտները շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները եւ տեսան, թէ ի՛նչպէս իւրաքանչիւր աշակերտի հանդէպ յատուկ հոգատարութեամբ անհատական ծրագիր կը կիրարկուի:
Ճեմարանի աշակերտները, բակին մէջ, շուտով ընտելացան «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն հետ, միասնաբար հաճելի ժամանակ անցուցին, կերան, խմեցին ու պարեցին: