ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶԱՀԼԷ

29 Հոկտեմբեր 2026-ին, «Հայերը Լիբանանի մէջ» բնաբանի ծիրին մէջ, Ժ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զահլէ՝ մօտէն ծանօթանալու տեղւոյն հայկական համայնքին, անոր հարուստ անցեալին, կրթական, եկեղեցական ու միութենական կառոյցներուն։

Հայոց պատմութեան դասը միայն գիրքերուն մէջ չէ, այլ մեր ապրած հողին ու լիբանանահայութեան թողած յարատեւ վկայութիւններուն մէջ։