ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն: Անոնք ծանօթացան կառոյցին զանազան բաժիններուն, տարբեր ծրագիրներուն ու մատուցուած ծառայութիւններուն: Հաստատութեան կողմէ կատարուեցաւ աչքի քննութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Աշակերտները հասկցան ընկերային ծառայութեան գործին կարեւորութիւնը գաղութի մը զարգացման եւ գոյատեւման համար: