Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2016-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զալքայի մէջ «Բոյս» ջերմոցատունը:
«Բոյսերը եւ մարդուն դերը անոնց բեղմնաւորումին մէջ» գիտութեան դասի թեման ընդլայնելու, գիտնի վրայ զայն շօշափելի դարձնելու, անոր կարեւորութեան անդրադառնալու ու մասնագիտական բացատրութիւն ստանալու միտումով դիմեցինք «Բոյս» հաստատութեան տնօրէն, բուսաճարտարագէտ, նախկին ճեմարանական Կարէն Եօսուլքանեանին, որ սիրայօժար եւ ուրախութեամբ ընդառաջեց մեր առաջարկին եւ իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք աշակերտներուն հայթայթեց այն բառապաշարը, զոր ան օգտագործեց այցի ընթացքին: Այսպէս, ծանօթացուց՝ ելակի, լոլիկի, վարունգի եւ կարգ մը բանջարեղէններու ջերմոցատան պայմաններուն մէջ աճեցնելու միջոցներուն, ցանքի այս ձեւին դիմելու նպատակներուն, զանոնք ոռոգող եւ պաշտպանող միջոցներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը անպատեհութիւններու:
Գիտական եւ մասնագիտական բացատրութիւններու կողքին, հետաքրքրական եւ հաճելի էր լսել Կարէնին այն վկայութիւնը, թէ ինք բոյսերը սկսած է սիրելու Ճեմարանի «Նորսիկեան» մանկապարտէզի օրերէն, երբ ուսուցչուհիներուն հետ կը ցանէին, կը խնամէին ու կ’ապրէին այդպիսի մթնոլորտի մէջ:
Աշակերտները վերադարձան գոհացած եւ գիտելիքներով հարստացած:
Շնորհակալութիւն Կարէնին եւ ջերմոցատան տիրոջ՝ Պրն. Էլիա Նիքոլային: