Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2022-ին, Նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Ժպէյլ քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիկեան» թանգարանը: Թանգարանին բակին մէջ աշակերտները դիմաւորեց պարոն Գրիգոր Ալոզեանը, որ համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ժպէյլի որբանոցին եւ թանգարանի կառուցման մասին: Ապա աշակերտները խումբ առ խումբ մտան թանգարան եւ ծանօթացան որբերու պատմութեան: Պարոն Ալոզեան նախ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը, որմէ ետք խօսեցաւ որբերու տեղաւորման եւ անոնց առօրեայ աշխատանքներուն մասին՝ արժեւորելով դանիացի միսիոնար՝ «մամա» Մարիա Ճէյքըպսընի դերը՝ որբերու ընկերային եւ հոգեկան կազմաւորման գործին մէջ: Աշակերտները պարոն Ալոզեանին ուղղեցին զիրենք հետաքրքրող հարցումները եւ ստացան անոնց պատասխանները: Աշակերտները առիթ ունեցան նաեւ շրջելու «Թռչնոց Բոյն»-ի տարածքէն ներս եւ վայելելու պարտէզներուն գեղեցկութիւնն ու մաքուր օդը: Վերջապէս, թանգարանին մուտքին խմբանկար մը նկարուելէ ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց՝ նոր գիտելիքներ ձեռքբերած:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՐԱՄ ՊԵԶԻԿԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ
