ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2010-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները գիտութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետը՝ դիտելու անոր ընթացքը ու տեսնելու այդ միջավայրին մէջ աճող բոյսերը։ Այս պտոյտը կը նպատակադրէր աշակերտներուն մօտ ամրապնդել «Անուշ ջուրի միջավայրը» դասէն ստացած իրենց գիտելիքները, որոնք կապ ունին մեզ շրջապատող իրականութեան հետ։ Աշակերտները գոհացած վերադարձան դպրոց։