ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2023-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք: Զանոնք դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Հոգեշնորհ Տէր Հրանդ Վրդ. Թահանեան:

Աշակերտները նախ մտան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, ուր Հայր Սուրբը բացատրեց, թէ ինչո՛ւ պէտք է կոչել հայ առաքելական եկեղեցի, ապա ներկայացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժինները (Գաւիթը, Ատեանը, Դասը, Բեմը, Խորանը…), ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծ Պահքի եւ Սուրբ Զատկուան տօնին մասին: Աշակերտները իմացան, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ի՜նչ դժուար պայմաններու մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Սիս քաղաքէն տեղափոխուած է Անթիլիաս, որմէ ետք անոնք ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները:

Մայրավանքի այցելութեան աւարտին, աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Կիլիկիա» թանգարանը, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան Կիլիկիոյ պատմամշակութային եւ հոգեւորական գոհարներուն: Անոնք տեսան Սուրբ Միւռոնի կաթսան, Սուրբ Սեղբեստրոսի աջը, Յիսուսի փշապսակին մասունքը, եկեղեցական թանկարժէք զգեստները, եւայլն.: Աշակերտներուն տրուեցան նաեւ պատմական տեղեկութիւններ:  

Աշակերտները դպրոց վերադարձան նոր գիտելիքներու հարուստ պաշարով: