Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք: Զանոնք դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեանը, որ աշակերտները ծանօթացուց մայրավանքի տարածքէն ներս գտնուող զանազան կառոյցներուն:
Աշակերտները իմացան, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ի՜նչ դժուար պայմաններու մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Սիս քաղաքէն տեղափոխուած է Անթիլիաս:
Նախ, աշակերտները մտան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, ուր Հայր Սուրբը ներկայացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժինները (Խորանը, Աւանդատունը, Մկրտութեան սենեակը, եւ այլն.), ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծ Պահքի եւ Սուրբ Զատկուան տօնին մասին, որմէ ետք աշակերտները ուղղեցին իրենց հարցումները եւ ստացան անոնց պատասխանները: Հայր Սուրբի խօսքին աւարտին, աշակերտներէն Մարտիկ Մարտիկեան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը:
Դուրս գալով Մայր Տաճարէն, աշակերտները կանգ առին Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց, ուր Հայր Սուրբը հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ անոր կառուցման մասին:
Աշակերտները տեսան նաեւ Վեհարանը, որմէ ետք այցելեցին Նահատակաց մատուռը, ուր Հայր Սուրբը տեղեկութիւններ փոխանցեց մատրան մասին:
Մայրավանքի այցելութեան աւարտին, աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Կիլիկիա» թանգարանը, ստացան անոր կառուցման եւ մասին կարճ տեղեկութիւններ, սակայն անկէ ներս չմտան, նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին անոնք յատուկ կերպով պիտի այցելեն զայն եւ ծանօթանան հոն գտնուող Կիլիկիոյ եւ մասնաւորաբար Սիսի հոգեւոր եւ մշակութային մասունքներուն:
Աշակերտները դպրոց վերադարձան նոր գիտելիքներու հարուստ պաշարով: