Երեքշաբթի, 20 Մարտ 2018-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։
Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Հայր Հրանդին բացատրութիւններուն եւ նոր գիտելիքներ ամբարած վերադարձան դպրոց: