ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։

Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Նշան աշակերտներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժինները (գաւիթ, ատեան, դաս, բեմ, մկրտութեան սենեակ, աւանդատուն…) եւ եկեղեցական իրերը։

Հայր Նշան բացատրեց եկեղեցական կարգ մը օրէնքներ, խօսեցաւ Ս. Զատկուան խորհուրդին, պահքի եւ փակեալ խորանի մասին, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: