Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 16 Մայիս 2025-ին, Ժ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Ազունիէի Ազգային Բուժարան:
Աշակերտները հիւրասիրելէ ետք Բուժարանի պատսպարեալները, միասին շատ ճոխ եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Անոնք երգեցին, պարեցին, միասնաբար խաղեր խաղացին, զրուցեցին եւ ամէնէն կարեւորը՝ աշակերտները իրազեկ դարձան, որ յառաջացած տարիքի մէջ եղողները արժանի են հոգատարութեան եւ յարգանքի, իսկ տարեցները վստահ եղան, որ նոր սերունդը անտարբեր չէ իրենց հանդէպ եւ յարգանք ունի իրենց փորձառութեան նկատմամբ:
