ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2016-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին հայ տարեցներու տուն:

ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան աշակերտներուն ներկայացուց ՔԱՀԼ-ի եւ տարեցներու տան հիմնադրութիւնը «power point»ով: Ապա Տիկ. Սոնիկ Կէտիկեանի հետ աշակերտները շրջեցան ծերունիներուն սենեակները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ նուագ, ասմունք, ֆութպոլի պար եւ խմբերգ:

Այնուհետեւ մտերմիկ զրոյց մը ընթացք առաւ աշակերտներուն եւ տարեցներուն միջեւ: Մէկը յիշեց իր մահացած հայրն ու մայրը, միւսը՝ իր գաղթած թոռները…: Աշակերտները այցելեցին նաեւ կողքի շէնքը՝ ՔԱՀԼ, ուր կան քանի մը աչազուրկ եւ տղամարդ ծերունիներ:

Ճեմարանի աշակերտները ստանձնեցին օրուան ճաշը (մսաշոթ, թան եւ բանջարեղէն): Կէսօրին անոնք հոն ճաշեցին ու հոգեպէս յագեցած վերադարձան իրենց առօրեային:

Այդ օր աշակերտները սորվեցան, որ այդ ծերունին ժամանակին իրենց պէս պատանի էր ու հիմա պէտք ունի խնամքի եւ հոգատարութեան: