ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին հայ տարեցներու տուն:

ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան աշակերտներուն ներկայացուց ՔԱՀԼ-ի եւ տարեցներու տան հիմնադրութիւնը «power point»ով: Ապա Տիկ. Սոնիա Կէտիկեանի հետ աշակերտները շրջեցան ծերունիներուն սենեակները, ուր մօտէն շփման մէջ եղան հոն պատսպարուող ծերունիներուն հետ, որոնք շատ գոհ մնացին ու թաց աչքերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ խմբերգ, պար, ասմունք, նուագ. օրուան թամադա աշակերտուհին յայտագրին մէջ ներառեց նաեւ մայրիկները, որոնք երգեցին, ասմունքեցին եւ նոյնիսկ պարեցին:

Աշակերտները այցելեցին նաեւ կողքի շէնքը՝ ՔԱՀԼ, ուր կան քանի մը աչազուրկ եւ տղամարդ ծերունիներ:

Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած էր օրուան ճաշը (մսաշոթ, թան եւ բանջարեղէն): Կէսօրին անոնք հոն ճաշեցին ու հոգեպէս յագեցած վերադարձան իրենց առօրեային: