Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներու ծիրին մէջ, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն ուղղուեցան դէպի գրադարան. անոնք Ցեղասպանութեան մասին պատմական տեղեկութիւններ ստացան, ինչպէս նաեւ իրենց պապենական հողերը, նահատակները եւ ֆետայիները ուսումնասիրելով կատարեցին իրենց խոյզերէն մաս մը:
Աշակերտները որոշեցին կառչած մնալ իրենց հայկական արմատներուն, յիշել ու պահանջել հայ ժողովուրդին իրաւունքը:
«ԱՅՍՔԱՆ ՉԱՐԻՔ ԹԷ ՄՈՌԱՆԱՆ ՄԵՐ ՈՐԴԻՔ, ԹՈ՛Ղ ՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԻՆ ԿԱՐԴԱՅ ՆԱԽԱՏԻՆՔ»
