ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԷՐ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2011-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուքրանական «Վիզինովա» խումբի ելոյթին։ 26 դպրոցներու աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` մաղթելով, որ եկող տարին ըլլայ բարեբեր: Ան բարի վայելում մաղթեց աշակերտներուն` նշելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն տարի կը փորձէ ուրախութիւն սերմանել իր շրջանին մէջ գտնուող դպրոցները յաճախող աշակերտներուն սրտերուն մէջ, իսկ այս տարի ծրագրեց այս գեղարուեստական յայտագիրով շնորհաւորել անոնց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: Ուքրանական գեղարուեստական խումբին անդամները իրենց ճկուն ու խանդավառ պարերով, գեղեցիկ ու գունազարդ զգեստներով, զուարճալիքներով եւ այլ հետաքրքրական ներկայացումներով արժանացան աշակերտներուն բուռն ծափողջոյններուն, անոնց խանդավառ արտայայտութիւններուն եւ քաջալերանքին: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նաեւ «Յոյսի Ծառը» ներկայացման տոմսեր նուիրեց տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներուն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իր զոյգ նախաձեռնութիւններուն համար։