ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ին, դպրոցի հիւանդապահուհին՝ Թալին Ստեփան, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու փոքրիկներուն փոխանցեց ակռաներու մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ:

Փոքրիկները ակռաներու համար վնասակար եւ օգտակար ուտելիքներու նկարներ փակցուցին, ապա պատրաստեցին խաւաքարտէ ակռաներ: