ԱԿԼԱՏԻԶ

Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք սուրբ Յարութեան:
Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք, երջանիկ կեանք: Ան կը խորհրդանշէ ձմրան աւարտը եւ գարնան գալուստը:
Հայերը Բարեկենդանը կը տօնեն հայկական բոլոր գաւառներուն մէջ զանազան ձեւերով: Բարեկենդանին բնութեան բերքն ու բարիքը հարստացնելու, չար ուժերը չէզոքացնելու նպատակով շարք մը ծէսեր կը կատարեն: Փակեալ խորանին օրը մամիկը առաստաղէն կը կախէ պահքի տիկնիկը՝ ակլատիզը, որուն վրայ խրուած կ’ըլլան եօթը փետուրներ: Եօթը փետուրները կը ներկայացնեն Մեծ պահքի եօթը շաբաթները: Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջաւորութեան տան մամիկը մէկ փետուրը կը վերցնէ եւ կը նետէ թոնիրին մէջ: Մինչ այդ սոխը կը ծլի: Ծիլը կը դնեն Զատկուան ճաշին մէջ:

Ուրբաթ, 7 Մարտ 2025-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն գիտելիքներ ամբարեցին Բարեկենդանի սովորութիւններուն եւ Մեծ պահքի մասին եւ պատրաստեցին իրենց սեփական «ակլատիզ»ը, որուն համար նախապէս տունէն բերած էին սոխ մը: