Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը (Ժ. դասարանէն) այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին:
Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կատարելու եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր գրելու սկզբունքները:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս տարուան մասնակիցներէն Ալիք Թենպէլեան եւ Սեւակ Զարմէնեան ստացան Դիրքորոշման Փաստաթուղթի մրցանակներ (Position Paper Award):
Model United Nations (MUN) այս տարուան ծրագրին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները. Միքայէլլա Պոյաճեան, Ալիք Թենպէլեան, Ալիք Մելքոնեան, Նանար Պազարպաշեան, Ճէյմի Սարգիսեան, Գարին Թորթեան, Արազ Խտըրեան, Սարին Մեսրոպեան, Հայկ Թենպէլեան, Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան, Սեւակ Զարմէնեան:
Յիշենք, որ ծրագրին մասնակցող աշակերտներուն իրենց փորձառութեամբ եւ հետեւողական հանդիպումներով օգնեցին Ճեմարանի շրջանաւարտներ՝ Շերիլին Տիրացուեան, Ցոլեր Գէորգեան, եւ Էտուար Թաշճեան:
