ԱԼԻՔ ԹԵՄՊԵԼԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ «ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻՆ

Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցան «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի Է. դասարանէն Ալիք Թեմպելեան հանդիսացաւ առաջին եւ կը շնորհաւորենք զինք: