ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ին, հայերէնի լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Ճեմարան այցելեց Հայր Աւետիք Տէր Կարապետեան եւ նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Տեառնընդառաջի, Վարդանանց հերոսամարտի եւ Պահքի խորհուրդները:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան պատմական տեղեկութիւններուն՝ Տեառնընդառաջի տօնի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն: Անոնք բացատրութիւնները եւ նոր գիտելիքները ամբարած խոստացան մնալ հայրենասէր ու տէր դառնալ իրենց կտակուած ժառանգին, ինչպէս նաեւ՝ կառչած մնալ մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն։