ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիրակի, 23 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ արժանաւոր կերպով եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն Ճեմարանի ջահը փոխանցուեցաւ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու` ներկայ սերունդէն ներկայացուցիչ աշակերտի մը ձեռամբ հասնելով սրահ. ջահով վառեցան բեմին վրայ տեղադրուած 25 մոմերը: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: