«ՔՈՒՆՀԱՏԻ»՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի 11 Յունուար 2024-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն այս տարուան առաջին դասախօսութիւնը «Քունհատի» (Kunhadi) կազմակերպութեան կողմէ, որ հիմնադրուած է Հատի անունով տղու մը ինքնաշարժի չարաղէտ արկածէն ետք։

Աշակերտները Հատիին կեանքը ներկայացնող հետաքրքրական տեսերիզ մը դիտելէ ետք, ուշադրութեամբ մտիկ ըրին պատմութիւնը ինքնաշարժի արկածին, որուն զոհ գնաց ինք։ Այնուհետեւ անոնք ծանօթացան ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն եւ արկածներու պատճառներուն: Վերջապէս, դասախօսը՝ Հատիին մայրը,  խրատեց որ միշտ զգոյշ ըլլան ինքնաշարժ վարելու ընթացքին։

Լոռի Բակլայեան