ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ մը:

Բացման խօսքը կատարեց Լսարանական Միութեան նախագահ Կալի Խիւտավերտեան: Ան նշեց, թէ պատմութեան ընթացքին զանազան ժողովուրդներ միշտ ալ ձգտած են իրենց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ դիմած են անկախ ապրելու եւ բռնութիւններու դէմ դնելու արդար միջոցներու. հայ ժողովուրդը նոյնպէս տարբեր հանգրուաններով դիմած է յեղափոխութեան եւ ազատագրական պայքարի՝ յանուն արժանապատիւ կեանքի ապահովման եւ հայրենիքի անկախութեան տեսլականի իրագործման: Ան շարունակեց ըսելով, որ նոյն գաղափարներու ձգտումով է որ տեղի ունեցան փետրուարեան ապստամբութիւնն ու արցախեան ազատագրական պայքարը, որոնք հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ տեղ գրաւած են, ու այդ զոյգ առիթները մենք կը նշենք այսօր: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ Համբիկ Պիլալեան, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը այս առիթով:

Համբիկ Պիլալեան շեշտը դնելով հայոց պատմութեան դէպքերէն օգուտ քաղելու կարեւորութեան վրայ, ներկայացուց փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը. ան աշակերտը փոխադրեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան յաջորդող հանգրուանը, երբ կենաց մահու հարց էր ապստամբութիւնը: Ապա անցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին եւ ազատամարտիկներու անձնուիրութեան օրինակներ մէջբերելով անգամ մը եւս թելադրեց աշակերտներուն հայոց պատմութիւնը սոսկ իբրեւ դասանիւթ չընկալել, այլ՝ դասեր քաղել անկէ:

Նարօտ Սերուժեան ԺԱ. դասարան