ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔ

Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան առաջին հաւաքը։

Միութեան պատասխանատուներէն Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան նախ ողջունեց Ժ. դասարանի աշակերտները, որոնք յետ այսու մաս կը կազմեն Լսարանական Միութեան, ապա հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ միութեան գործելաձեւին, որմէ ետք ընթացք առաւ զրոյց մը ճեմարանական ոգիին եւ ճեմարանականի արժանիքներուն մասին։