Նախաձեռնութեամբ Լսարանական Միութեան Կենսոլորտի Խմբակին, Ճեմարանի աշակերտութիւնը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան, սկսաւ կափարիչ հաւաքելու արշաւի մը 2009-2010 տարեշրջանին։ Մինչեւ Մարտ 2011 հաւաքուեցաւ 1 թոն կերպընկալէ կափարիչ։ «Arc en ciel» հաստատութիւնը կենսոլորտի պահպանման յատուկ ծրագիրներ մշակելով եկամուտ կ՚ապահովէ, որպէսզի նեցուկ կանգնի լիբանանեան պատերազմէն վնասուած հաշմանդամներու, զանոնք գործի մղելով, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրելով հարկ եղած սարքեր, ինչպէս՝ անուաւոր աթոռներ, բժշկական գործիքներ, եւայլն։ Հինգշաբթի, 17 Մարտին «Arc en ciel» հաստատութեան կողմէ 1 թոն կափարիչին փոխարէն տրամադրուած անուաւոր աթոռը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ դպրոցի հիւանդապահուհիին, մաղթելով որ աշակերտութիւնը փորձանքներէ հեռու մնայ։ Աշակերտները խոստացան կրկին մասնակցիլ կենսոլորտի պահպանման ծրագիրներու։
ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ (recyclage)
