Չորեքշաբթի, 2 Մարտին Լսարանական Միութեան կենսոլորտի խմբակին հրաւէրով Ճեմարան այցելեց «arc en ciel» հաստատութեան ներկայացուցիչը։ Վերամշակումի տեսակները, միջոցները եւ կարեւորութիւնը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրումէն ետք, «arc en ciel» հաստատութեան ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ վերամշակումի իրավիճակին, զայն բարգաւաճեցնելու միջոցներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսութեան ու կենսոլորտին համար վերամշակումին կարեւորութեան։ Ան քաջալերեց լսարանականները վերամշակումի գործողութիւնը տարածելու Լիբանանի մէջ։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան
ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ
