2010-2011 տարեշրջանի Ճեմարանի Լսարանական Միութեան կենսոլորտի խմբակին առաջին նախաձեռնութիւնը եղաւ ստեպղինի ցանքը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 22 Հոկտեմբեր 2010-ին, Ճեմարանի մուտքին կից գտնուող պարտէզին մէջ։ Ստեպղինի ցանքին նպատակն էր փոքրիկները քաջալերել սննդարար ուտելիքներ ուտելու։ Ցանելու աշխատանքին մասնակցեցան Ժ. դասարանէն Նիկոլ Ալեքսանդրեան, Սերժ Ղարիպեան, Նշան Կօշկակարեան եւ Արամ Լոզոյեան, իսկ Աւարտական դասարանէն՝ Գրիգոր Շամմասեան։ Ստեպղինի ցանքը խթանիչ քայլն է խմբակիս յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Կենսոլորտի Խմբակ
ՍՏԵՊՂԻՆԻ ՑԱՆՔ
