Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2024-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ Արեւիկ Փափազեան: Ան բնապահպանման դիտանկիւնէ ներկայացուց Սեւանայ լիճին վիճակը այսօր, խօսեցաւ ջուրի ապականումին եւ իշխանաձուկին մասին, ինչպէս նաեւ՝ մերձակայ գիւղերուն, գիւղացիներուն աշխատանքներուն՝ մասնաւորաբար ձկնորսութեան մասին։
Լսարանականները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ Սեւանայ լիճին մասին նոր գիտելիքներ ստացան: