ՌԻՕ – ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ 2016

Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «2016-ի ողիմպիական խաղերը Ռիոյի մէջ» խորագիրով:

Դասախօսն էր Վաչէ Ծատուրեան, որ անձամբ ներկայ գտնուած էր ողիմպիական խաղերուն, իբրեւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամ: Ան նախ ներկայացուց ողիմպիական խաղերուն պատմականը, ապա նշեց, թէ ի՛նչպէս այս տարուան խաղերը իւրայատուկ էին տեղի ունենալով Ռիոյի մէջ, ուր քաղաքական լարուածութիւն կար. անոնք նաեւ հետաքրքրական էին, որովհետեւ հիւրընկալեցին նորագոյն պատմութեան լաւագոյն մարզիկները, որոնք կոտրեցին բազմաթիւ չափանիշեր:

Պրն. Վաչէ ներկայացուց նաեւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ որեւէ մետալ չշահեցաւ հակառակ մեծ յոյսերուն: Վերջապէս ան խօսեցաւ Հայաստանի մարզիկներուն արձանագրած հրաշալի արդիւնքներուն մասին:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԲ. դասարան