ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան Լսարանական Միութեան աշակերտներուն խօսեցաւ մասնագիտական կողմնորոշման կարեւորութեան մասին, անդրադառնալով զանազան ազդակներու, ինչպէս՝ նիւթի մը հանդէպ նախասիրութիւնը, ծնողքի մղումը, գործի ասպարէզի հնարաւորութիւնները, նիւթական հեռանկարներ, եւայլն: Ապա աշակերտները ուղղուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան, երկրորդական բաժինի ուսուցչական կազմին, ընկերային գրասենեակին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպած հանդիպումը զանազան համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00:

Հանդիպումին ներկայ էին 10 համալսարաններու ներկայացուցիչներ՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (American University of Beirut – AUB), Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանը (Lebanese American University – LAU), Հայկազեան Համալսարանը (Haigazian University – HU), Սէն Ժօզէֆ Համալսարանը (Université Saint Joseph – USJ), Քասլիքի Սէնթ Էսփրի Համալսարանը (Université Saint Esprit de Kaslik – USEK), Լուէյզիի Նոթր Տամ Համալսարանը (Notre Dame University Louaize – NDU), Պալամանտի/ԱԼՊԱ-ի Համալսարանը (University of Balamand / ALBA – UOB), Անթոնին Համալսարանը (Université Antonine- UA), Պէյրութի Արաբական Համալսարանը (Beirut Arab University – BAU), եւ Լա Սաժէս Համալսարանը (Université La Sagesse – ULS): Հաւաքին հրաւիրուած էին նաեւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն ծնողները:

Համալսարաններուն ներկայացուցիչները մեր աշակերտներուն ներկայացուցին իրենց համալսարաններէն ներս գործող զանազան բաժանմունքները, ընդունման պայմանները, համապատասխան վկայականներն ու համալսարանին ընծայած կրթանպաստները: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին համալսարաններու ներկայացուցիչներուն ցուցմունքները եւ լուսաբանուեցան զիրենք մտահոգող որոշ հարցերու շուրջ:

Հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: