ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի մրցաշարք, որուն մասնակցեցան միջնակարգի Ը., Թ.  եւ երկրորդականի դասարաններէն աշակերտական խումբեր:

Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2023-ին աւարտական խաղին յաղթական հանդիսացաւ «Սիս» խումբը, երկրորդ՝ «Անկեղծ Զինուորներ» խումբը, իսկ երրորդ՝ «Վիգէն Զաքարեան» խումբը։

Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբերի երկրորդ զբօսանքին տեղի ունեցաւ յաղթական խումբի ընդդէմ մարզիչ/ուսուցիչ խումբին խաղը, որ աւարտեցաւ դարձեալ «Սիս» խումբի յաղթանակով: Աւարտին Տնօրէնութիւնը մետալներով գնահատեց յաղթական խումբերը:

Վանեսա Քէշիշեան