ՇԱՔԱՐԱԽՏԸ

Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2023-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Ճեմարանի շրջանաւարտ հիւանդապահուհի Նարօտ Մերտխանեանը, որ լսարանականներուն ներկայացուց «Շաքարախտը» նիւթը։

Ան գիտական բազմակողմանի տեղեկութիւններ տուաւ շաքարախտի ազդանշաններուն, հաւանական պատճառներուն եւ դարմանումի ձեւերուն մասին։

Ներկայացումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ճեմարանի աւարտական դասարանէն աշակերտուհի մը, որ խօսեցաւ շաքարախտի վերաբերեալ իր անձնական փորձառութեան մասին։