Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2013-ին, Լսարանականի պահը յատկացուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 25 ամեակին։ Ձեռնարկի սկիզբը խօսք առաւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ ներկայացուց դպրոցի պատմութիւնը Նշան Փալանճեան Ճեմարանի օրերէն սկսեալ։ Երկրի անապահով վիճակով հանդերձ, այսօրուան Ճեմարանի կառոյցը իրականացաւ մաս առ մաս, երբեմն նոյնիսկ աշակերտներու օգնութեամբ՝ հիմնուելով Ճեմարանի հիմնադիրներուն նպատակներուն վրայ։ Տնօրէնը շեշտեց, թէ այս 25 ամեակը արժեւորելու համար աշակերտները պէտք չէ մոռնան հայրենիքը եւ իրենց պարտաւորութիւնը անոր հանդէպ։ Ապա տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Օրդ. Ալիս Գազանճեան, որ հին օրերէն յիշատակներ փոխանցեց։ Ան աւելի հին եւ նոր աշակերտներուն վրայ կեդրոնացաւ, քան հին եւ նոր Ճեմարանի շէնքերուն։ Օրդ. Ալիս խօսքը աւարտեց աշակերտներուն ուղղուած խրատով մը՝ «լաւ մարդ, լաւ հայ, աշխատանքի փափաք եւ կամք ունեցող» ճեմարանականներու սերունդ մը պահանջելով։ Փաթիլ Պապիկեան ԺԲ. դասարան
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 25 ԱՄԵԱԿ
