«Մենք յաղթեցինք…»

Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2012-ին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնի ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան աշակերտութեան ներկայացուց 23 Յունուար 2012-ին Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրէնքը։ Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ, թէ օրէնքը յստակօրէն կը նշէ, որ կարելի չէ ժխտել որեւէ ցեղասպանութիւն, որ ճանչցուած է Ֆրանսական պետութեան կողմէ։ Ֆրանսա արդէն 2001-ին ընդունած է հայկական ցեղասպանութիւնը, սակայն Յունուար 23-ի այս օրէնքը իսկական յաղթանակ մը եղաւ հայութեան համար։ Գործը սկսաւ, երբ Ֆրանսայի նախագահ Ն. Սարքոզի Հոկտեմբեր 2011-ին այցելեց Հայաստան։ Ծատուրեան ըսաւ, թէ երկու տարբեր տեսակէտներ կան՝ ուղղուած ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին վաւերացման դէմ։ Ա.- Սարքոզիի արարքը կ՚իյնայ իր ընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս։ Բ.- Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն զատ ոչ մէկ երկիր իրաւունք ունի օրէնքներ որդեգրելու ցեղասպանութեան մասին, այդ մէկը զուտ պատմական նիւթ է։ Կան նաեւ օրէնքը պաշտպանող տեսակէնտեր. Ա.- Ֆրանսա կը մնայ այն հանրապետութիւնը, որ միշտ պաշտպանած է մարդկային իրաւունքները։ Բ.- 2012-ի օրէնքը տրամաբանական շարունակութիւնն է 2001-ի որդեգրուած որոշումին։ Այս օրէնքի վաւերացման նկատմամբ եղան նաեւ հակադարձութիւններ. Ա.- Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան յայտարարեց, թէ այս որոշումը զուտ ցեղապաշտական արարք մըն է եւ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ Սարքոզին կը մնայ Ֆրանսայի նախագահ, ինք ոտք պիտի չկոխէ Ֆրանսա։ Բ.- Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտարարեց, թէ Ֆրանսա կը վարէ ցեղապաշտական քաղաքականութիւն մը եւ կ՚արգիլէ խօսքի ազատութիւնը Ֆրանսայի մէջ։ Այս արտայայտութեան Ֆրանսա պատասխանեց, որ խօսքի ազատ արտայայտութիւն չի նշանակեր, թէ կարելի է ժխտել ցեղասպանութիւն մը։ Գ.- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը կ՚ըսէ, թէ Թուրքիոյ հետ պէտք չէ խզել տնտեսական կամ որեւէ այլ կապեր, նկատի առնելով որ Թուրքիա Ֆրանսայի համար կը ներկայացնէ տնտեսական շատ մեծ ուժ մը։ Ինչ կը վերաբերի հայկական հակազդեցութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, կաթողիկոսներն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը ողջունեց Ֆրանսայի որոշումը։ Ինչ կը վերաբերի թուրք մտաւորականութեան։ Անոնք բաժնուած են երկուքի. Ա.- Այն մտաւորականները, որոնք կը հովանաւորուին պետութեան կողմէ եւ կ՚արտայայտուին ցեղասպանութեան դէմ։ Բ.- Այլախոհ մտաւորականներ, որոնք համոզուած են, թէ ժխտումը Թուրքիոյ պետութեան համար յստակ ճարտարարուեստ է։ Թուրքիա ամէն գնով կ՚աշխատի շարունակել իր ժխտման քաղաքականութիւնը, մանաւանդ որ երեք տարիէն պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը։ «Այս օրէնքը հայութեան համար մեծ յաղթանակ է եւ բնաւ չզարմանաք եթէ նմանօրինակ օրէնքներ որդեգրուին Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ,- ըսաւ Վաչէ Ծատուրեան,- մեր պայքարը յստակ երեք մակարդակի վրայ է՝ ճանաչում, օրէնքներու վաւերացում եւ հատուցում։ Ասկէ ետք, անհրաժեշտ է հետեւիլ ինչ որ տեղի պիտի ունենայ մինչեւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները։ Սարքոզի մինչեւ 15 օր պէտք է ստորագրութեամբ վաւերացնէ այս օրէնքը։ Թուրքիա կը մնայ Ֆրանսայի բարեկամ, սակայն ան մաս պիտի չկազմէ Եւրոպական Միութեան մինչեւ այն ատեն, որ չի յարգեր մարդկային արժէքները։ Նախագահական ընտրութիւններու երկու թեկնածուներ հաստատեցին, թէ այս օրէնքը պէտք չէ որդեգրուէր։ Օրէնքը որդեգրուեցաւ եւ Հայ Դատի բոլոր Մարմինները, աշխարհի չորս կողմը, պիտի շարունակեն իրենց յարատեւ պայքարն ու աշխատանքը»։ Վաչէ Ծատուրեանլ իր խօսքի աւարտին ցոյց տուաւ տեսերիզ մը, ուր ֆրանսահայութիւնը ծերակոյտին դիմաց ժամեր սպասելէ ետք, հայկական եւ ֆրանսական դօշակները պարզած «Զարթի´ր Լաօ» երգով ողջունեց յաղթանակի յայտարարութիւնը։ Փաթիլ Տէտէեան եւ Անտրէա Գաժաքժեան ԺԲ. դասարան