ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մեծանուն հայերու նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լեւոն Շանթի, Երուանդ Օտեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակը նշուեցաւ:

Յայտագիրը կ‘ընդգրկէր ասմունք` «Հայրենիքիս Հետ» (Յովհաննէս Թումանեան), նուագ` Կոմիտասի «Նուպար-Նուպար»ն ու «Կաքաւիկը», Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատրերգութենէն ներկայացում, պար՝ «Կռունկ» եւ տեսերիզ մը՝ հինգ նշանաւոր դէմքերը ներկայացնող։