ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ԳՐԱԳԷՏ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ճեմարան այցելեց սփիւռքահայ գրագէտ, Ճեմարանի շրջանաւարտ Գրիգոր Պըլտեան, որ եղաւ Լսարանական Միութեան հիւրը: Բացման խօսքը կատարեց Լսարանական Միութեան նախագահ Կալի Խիւտավերտեան, որ ըսաւ, թէ ի՛նչպէս հայերէնի դասագիրքին մէջի գրագէտները միշտ երեւակայական անձեր եղած են, սակայն բախտաւոր պէտք է զգանք բոլորս, որովհետեւ պատիւը ունինք հիւրընկալելու Գրիգոր Պըլտեանը, որուն վէպերէն ընթերցած ենք: Բացման խօսքէն ետք, Ժ. Դասարանէն Հայկ Աւետիս ընթերցեց Գրիգոր Պըլտեանի մէկ բանաստեղծութիւնը, որ տպուած է 1962-ի Ջահակիրին մէջ, երբ գրագէտը նոյնպէս 10-րդ դասարան էր. ապա 11-րդ դասարանէն Յակոբ Թաշճեան ընթերցեց 1963-ի Ջահակիրին մէջ տպուած Պըլտեանի մէկ այլ բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ գրագէտին, որ անդրադարձաւ գրագէտ ըլլալու յատկանիշներուն, ան հպարտութեամբ յիշեց ճեմարանականի իր աշակերտական օրերը եւ իր ուսուցիչները՝ Օրդ. Ալիս, Մուշեղ Իշխան, Եոլանտ Աճեմեան, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են սերունդներու կազմաւորման մէջ: Իր խօսքի աւարտին, Պըլտեան աշակերտներուն թելադրեց յամառ ըլլալ իրենց ընտրած ուղիին մէջ եւ չազդուիլ ուրիշներէ: Նարօտ Սերուժեան ԺԱ. դասարան