ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈԳԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը կը հանդիսանայ կրթական այն հաստատութիւնը, ուր Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի շունչով ու ոգիով դաստիարակուած ճեմարանական երիտասարդները իրենց մեծ դերակատարութիւնը ունեցած են Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ:

Ամէն տարի, Ճեմարանի մէջ, տարբեր բնոյթի ձեռնարկներով եւ աշխատանքներով կը նշենք ճեմարանական նահատակներու անմահ յիշատակը: Այս աշխատանքներու ծիրէն ներս, աւարտական դասարանի աշակերտներս յուշանուէրներ պատրաստեցինք եւ այցելեցինք նահատակներու ընտանիքները, իսկ Լսարանական Միութեան վարչութիւնը տեսերիզ մը պատրաստեց՝ նուիրուած ինը նահատակներուն:

Այս աշխատանքներու եզրափակիչ նախաձեռնութիւնը եղաւ Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ին, «Չալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած Լսարանական Միութեան կազմակերպած ձեռնարկը: Բացման խօսքը ընթերցեց Լսարանական Միութեան նախագահ Նանի Գալուստեան: Ան ըսաւ, որ 15 Մարտը կը զուգադիպի Վիգէն Զաքարեանի ծննդեան օրուան եւ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր ճեմարանական պիտի շարունակէ նահատակներու ուղին: Ապա աշակերտները դիտեցին նահատակներուն նուիրուած տեսերիզը: Օրուան պատգամախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ աշակերտական իր օրերէն յուշեր մէջբերելով խօսեցաւ ճեմարանական ոգիի եւ ճեմարանական կեանքի մասին: Ան ըսաւ, որ Ճեմարանը իւրայատուկ մթնոլորտի մէջ հայրենասիրութեան կողքին կը պատրաստէ պատասխանատու ազատութեան գիտակից, ընկերասէր, արդարամիտ եւ համարձակ մարդը, որ ինքնավստահ է, ինքզինք չի բաղդատեր ուրիշին հետ, այլ ինքզինք կը կերտէ յարատեւ աշխատանքով: Մկրտիչ Մկրտիչեան իր խօսքը աւարտեց թելադրելով, որ ճեմարանականի յատուկ նոյն յարատեւ աշխատանքը տանին բոլոր աշակերտները:

Նանի Գալուստեան

ԺԲ. Գիտական