ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 8 եւ Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2016-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած աւանդական ձիւնագնացութիւնը:

Առաւօտեան ժամը 11-ին երկրորդական բաժինի աշակերտները նախաճաշելէ ետք ճամբայ ելան դէպի Ֆարայա, ուր հասնելէ ետք սկսան ձիւնով խաղալու եւ ըմբոշխնելու Լիբանանի ձիւնածածկ գագաթները:

Հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք, աշակերտները ուղղուեցան դէպի հիւրանոց, ուր հանգչեցան, ապա տեղի ունեցաւ տարբեր թեմաներ ընդգրկող զարգացման մրցում մը:

Ընթրիքէն ետք, վարչութիւնը կազմակերպած էր զուարճալի խաղեր, որոնց շնորհիւ աշակերտները հաճելի ժամեր անցուցին:

Յաջորդ առտու, նախաճաշէն ետք, բոլորը վերադարձան իրենց տուները՝ ուրախ յիշատակներով:

Նարօտ Սերուժեան

ԺԱ. դասարան