ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի 14 եւ Ուրբաթ 15 Մարտ 2019-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական միութեան աւանդութիւն դարձած ձիւնագնացութիւնը Ֆարայայի «Mount Smash» պանդոկէն ներս:

Յայտագիրը ճոխ էր` ձիւնի վրայ խաղ, պանդոկէն ներս խաղեր, քարաօքէ, ռալի… շատ հաճելի ժամանակ անցուցին երկրորդական բաժինի աշակերտները: