ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

3 տարի սպասելէ ետք, աւարտական դասարանի աշակերտներս վերջապէս առիթ ունեցանք դասընկերներով ձիւնագնացութեան երթալու՝ 15 եւ 16 Փետրուար 2012-ին, Mount Smash Club։ Մեզի ընկերակցեցան ուսուցչական կազմէն Պրն. Վաչէն, Տիկ. Շաղիկը, Օրդ. Ռանիան եւ հսկիչներ՝ Պրն. Վարդանն ու Տիկ. Ռոզինը։ Հազիւ հասանք, մեծամասնութիւնը մտաւ լողաւազան, ոմանք ուսումնասիրեցին համալիրին բոլոր սենեակները, ուրիշներ զբաղեցան զանազան խաղերով՝ billiard, baby-foot…։ Երեկոյեան ժամը 8։00-ին, բոլորս հաւաքուեցանք ճաշարան, ուր ընթրելէ ետք, սկսաւ խնճոյքը։ Հայկական, արաբական թէ այլ պարերով ուրախ եւ ճոխ մթնոլորտ տիրեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 3։00։ Ապա ոմանք անցան իրենց սենեակները՝ քնանալու, ուրիշներ կրակին շուրջ նստած զրուցեցին ու կատակեցին։ Առաւօտեան, նոյնիսկ «բարի լոյս» ըսելու ժամանակ չեղաւ։ Բոլորս, վերարկուները հագած, դուրսը ձիւնով խաղացինք։ Ընկերական անմոռանալի մթնոլորտի մէջ երկու յիշատակելի օրեր անցուցինք։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. դասարան