Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ ձիւնագնացութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Փետրուարին։ Աշակերտները Շաբաթ յետմիջօրէին հասան Հրաժէլի մէջ գտնուող պանդոկը, ուր իրենց ժամանակը անցուցին զանազան մարզախաղերով։ Երեկոյեան, ընթրիքէն ետք մեծամասնութիւնը գնաց ցուրտ օդին քայլարշաւի, որմէ ետք սկսաւ խրախճանքը՝ հայկական գաւառական երգերու ունկնդրութեամբ ու պարերով։ Կիրակի առաւօտ փորձ մը կատարուեցաւ հասնելու Ֆաքրա՝ ձիւնապատ շրջաններ, բայց սաստիկ խճողումին պատճառով ձախողեցաւ։ Աշակերտները պանդոկին մէջ ճաշելէ ետք վերադարձան Պէյրութ։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան
ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
