ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ին, Ճեմարան այցելեց ֆրանսահայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան եւ հանդիպում ունեցաւ լսարանականներուն հետ:

Ան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց ինքզինք, իր կեանքի ընթացքը, նպատակները, նախաձեռնութիւնները եւ նուաճումները:

Ան թելադրեց աշակերտներուն ըլլալ նպատակասլաց եւ որեւէ նախաձեռնութեան պարագային չյուսահատիլ ու շարունակել մինչեւ նուաճում: