Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2010-ին, Լսարանական Միութեան աշակերտները հանդիպում ունեցան Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոՖ. դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի հետ։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան հիւրը եւ զրուցելիք նիւթը։ Ապա Աշոտ Մելքոնեան խօսեցաւ հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն, Ղարաբաղ-Ազրպէյճան հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Հայաստանի բանակը, զայն նկատելով կայուն ու զօրաւոր։ Դոկտ. Մելքոնեան վստահեցուց, որ Հայաստանի ապագան փայլուն է, մեզ ձեւով մը հանգստացնելով եւ բոլորիս մէջ ամրապնդելով հայրենասիրութեան ոգին։ Հանդիպումը իր դասախօսական բնոյթէն դուրս ելաւ եւ դարձաւ զրոյց՝ հիւրին եւ աշակերտներուն միջեւ։ Վերջապէս Դոկտ. Մելքոնեան ըսաւ. «Մեր սերունդը տեսաւ Ազատ, Անկախ Հայաստանը, սակայն ձեր սերունդը պիտի տեսնէ՛ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը»։ Նժդեհ Մկրտիչեան ԺԲ. գրական
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ԴՈԿՏ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
