Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2010-ին Ճեմարանի Լսարանական Միութեան աշակերտութեան հիւր դասախօսը եղաւ հայրենի գրականագէտ Կիմ Աղաբեկեան։ Ան արեւմտահայերէնը նուրբ հնչիւններով լեզու մը որակեց եւ աշակերտութեան թելադրեց մի՛շտ կարդալ։ Վկայակոչելով Մեծարենցի, Դուրեանի ու Վարուժանի ստեղծագործութիւնները, Կիմ Աղաբեկեան հայ գրականութիւնը ներկայացուց իբրեւ միջոց ազգային ոգիի արտայայտութեան։ Անդրադառնալով ընդհանրապէս օտարամոլութեան հետամուտ հայ երիտասարդութեան, հայրենի գրագէտը ըսաւ, որ այդ միայն սփիւռքի հարցը չէ, այլ նաեւ՝ հայրենաբնակ հայուն։ Յ. Օշական այս գծով ըսած է. «Հայ ժողովուրդը կը տառապի հիւանդութենէ մը՝ օտարամոլութենէ»։ Կիմ Աղաբեկեան իր զգայացունց խօսքերով աշակերտներուն մօտ «վերակենդանացուց» ընթերցասիրութիւնը։
ՀԱՅՐԵՆԻ ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ԿԻՄ ԱՂԱԲԵԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
