ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2011-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Շաղիկ Տէր Պետրոսեան եւ Սէրուժ Հանտեան -ԺԱ. գրականէն՝ Լալիկ Աղասարգիսեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Սերժ Ղարիպեան -ԺԲ. գրականէն՝ Սեպուհ Թորիկեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Խաժակ Գասպարեան Մէկ շաբաթ ետք, աշակերտները ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը։ Ընտրութիւնը վարեց Պրն. Վաչէ Ծատուրեանը, օժանդակութեամբ՝ Պրն. Անդօ Գալեմքէրեանի։ Լսարանական Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ ԺԲ. գիտական դասարանէն՝ Սարհատ Գեթսեմանեան։ Վարչութիւնը 7 Հոկտեմբեր 2011-ին գումարեց իր առաջին ժողովը, որուն ընթացքին որոշեց իր տարեկան ծրագիրը։ Յաջորդ շաբաթը, Լսարանական Միութեան պատասխանատու Պրն. Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց այս տարուան խմբակները՝ Հայ Դատ, Գրական, Ձեռագործ, Հայկական Երաժշտութեան Պատմութիւն, Կենսոլորտ, Ողիմպիական Խաղերու Խմբակ եւ street fighting։ Ապա նախագահը ներկայացուց տարեկան նախնական ծրագրին պատկերացումը, որ կ՚ընդգրկէ. -Karaoke night -Լեւոն Շանթի մահուան 60 ամեակ -Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժին նուիրուած ձեռնարկ -Այցելութիւն՝ Ծերանոց եւ Քահլ, Կաղանդի առթիւ (ԺԲ. դասարաններ) -Լսարանական Միութեան Կաղանդի տարեկան խրախճանք -Փետրուարեան եւ Արցախեան ապստամբութիւններուն նուիրուած ձեռնարկ -Բարեկենդան -Ձիւնագնացութիւն -Ուսուցչաց տօն -Ապրիլ 24, ձեռնարկ եւ ծաղկեպսակի զետեղում (Պիքֆայա) Լսարանական Միութեան Վարչութիւն