ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով.

-Ժ. դասարանէն՝ Մաքտեսեան Լիլա եւ Խանճեան Միկէլ

-ԺԱ. դասարանէն՝ Գէորգեան Ցոլեր եւ Աճէմեան Ժագոպ

-ԺԲ. դասարանէն՝ Յովսէփեան Լոռի եւ Ֆեղալի Ճորճիօ

Լսարանական Միութեան աշակերտները 26 Սեպտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ Միութեան պատասխանատուներուն:

Լսարանական Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ ԺԲ. դասարանէն՝ Ռուբէն Խաչատուրեան։